By Asbarez | Thursday, 11 May 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մայիս 10ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ իր հանդիպումներէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ամերիկացի երկու ղեկավարներուն հետ քննարկած է երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Արդարեւ, քննարկուած են Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Աֆղանիստանի ու պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապները:
<<Այդ հարցերու լուծման ուղղութեամբ ընթանալու փափաք մը գոյութիւն ունի։ Նախագահ Թրամփ եւ նախագահ Փութին պատրաստակամ են ձեռք բերելու շօշափելի արդիւնքներ, որոնք կրնան օժանդակել միջազգային օրակարգի վրայ գտնուող խնդիրներու վերացման>>, ըսաւ ան:
Լաւրով նաեւ յայտնեց, թէ երկու կողմերը համաձայնած են, որ միջազգային հարցերը պէտք է լուծուին միասնական ջանքերով, եւ աւելցուց, թէ անոնք քննարկած են նաեւ սուրիական տագնապի լուծման եւ ռուսական հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներու ստեղծման հարցերը:
<<Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ այս գօտիներու աշխարհագրական տուեալներուն շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցին։ Անոնք քննարկեցին այդ համաձայնութիւնները միասնաբար գործադրելու յատուկ ձեւեր>>, ըսաւ Լաւրով, ապա աւելցուց. <<Ի հարկէ, կ՛ողջունենք այս հարցին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը եւ կը յուսանք, որ ատիկա նպաստէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ուղղութեամբ յառաջընթացին>>:
<<Թրամփի հետ համաձայն ենք, որ Սուրիոյ մէջ կատարուելիք ամէնէն կարեւոր բանը՝ ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելն է>>, եզրակացուց նախարարը:
Յատկանշական է, որ Սպիտակ տունը այս հանդիպումներուն մասին լուրերուն կողքին չէ հրապարակած Թրամփ-Լաւրով հանդիպումէն որեւէ լուսանկար, հաւանաբար՝ նկատի ունենալով Թրամփի եւ Ռուսիոյ միջեւ կասկածելի կապերը հետապնդող <<Էֆ.Պի.Այ.>>ի տնօրէնին պաշտօնազրկումէն միայն մէկ օր ետք կայացած այս հանդիպման շուրջ զգայնութիւնները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ