By Asbarez | Thursday, 11 May 2017

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Դաշնակցային հետախուզական գրասենեակի (<<Էֆ.Պի.Այ.>>) տնօրէն Ճէյմզ Քոմիի պաշտօնազրկման մասին նախագահ Թրամփի խնդրայարոյց որոշումէն երկու օր ետք, Ծերակոյտի Հետախուզական հարցերու յանձնախումբին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Քոմիի պաշտօնը ժամանակաւորապէս ստանձնած անոր տեղակալը՝ Էնտրու ՄըքՔէյպ, հերքե՛ց Սպիտակ տան կատարած այն պնդումը, թէ՝ <<Էֆ.Պի.Այ.>>ի պաշտօնեաները Քոմիի նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցուց էին։ Ընդհակառակն, ՄըքՔէյպ վստահեցուց, որ <<Էֆ.Պի.Այ.>>էն ներս Քոմի կը վայելէր ու կը շարունակէ վայելել պաշտօնեաներուն <<լայնածաւալ նեցուկը>>։
Սպիտակ տունը իր վերոնշեալ պնդումը օգտագործած էր իբրեւ պատրուակ՝ Քոմի պաշտօնազրկման համար։
ՄըքՔէյպ նաեւ վստահեցուց, որ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազդելու Ռուսիոյ ջանքերուն շուրջ հետախուզութիւնը տակաւին նո՛յն թափով կը շարունակուի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ