Եւրոխորհրդարանի զեկուցողը կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ Անգարայի հետ բանակցութիւնները

By Asbarez | Thursday, 11 May 2017

0506Piri

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ հարցով Եւրոխորհրդարանի զեկուցող Քեթի Փիրի գերմանական <<Վելթ>> թերթին յայտնած է, թէ Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններու նոր բաժիններ բանալու մասին կարելի չէ խօսիլ այս հանգրուանին։ <<Եթէ Թուրքիա իսկապէ՛ս հետաքրքրուած է անդամակցութեամբ, ապա անհրաժեշտ է, որ ջանքեր գործադրուին բաւարարելու համար Եւրոմիութեան չափանիշները։ Սակայն Թուրքիոյ մէջ բացարձակապէս այդպիսի բան չեմ տեսներ: Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է, որ բանակցութիւնները դադրին>>, ըսած է Փիրի: Յիշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս <<ազդարարած էր>>, որ եթէ բանակցութիւններու նոր բաժիններ չբացուին, Անգարա կրնայ դադրեցնել անդամակցութեան ջանքերը։

Միւս կողմէ, <<Տէօչէ Վելլէ>> կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնման պարագային՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները պիտի դառնան անհիմն:

 


comments