By Asbarez | Thursday, 11 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան նիստին հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ <<ճարտարագիտական-տնտեսական համագործակցութեան մասին>> համաձայնագիրը:
Ըստ այդ համաձայնագիրին՝ Չինաստան 2017ին հաւանութիւն տուած է Հայաստանին 200 շտապօգնութեան մեքենայ եւ վերակենդանացման համար անհրաժեշտ սարքեր նուիրելու ծրագիրին: Համաձայն առողջապահութեան նախարարութեան՝ նշեալ 200 մեքենաները ստանալով՝ հայկական կողմը պիտի կարենայ ամբողջութեամբ բաւարարել հանրապետութեան մէջ շտապօգնութեան մեքենաներուն կարիքը: Ստացուող մեքենաներուն մեծ մասը պիտի տրամադրուի մարզերուն: Մեքենաները Հայաստան պիտի հասնին աշնան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ