Հայկական օրգանական արտադութիւնը կ՛արտածուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

By Asbarez | Thursday, 11 May 2017

0512organic

ԵՐԵՒԱՆ - Հինգշաբթի, 11 Մայիսին, Հայաստանի մէջ օրգանական եւ բնական պտուղ-բանջարեղէնէ պատրաստուած պահածոներով, անուշներով եւ հիւթերով բեռնուած բեռնատարը ուղեւորուեցաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ 5+աստղանի հիւրանոցներուն մատակարարելու համար: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ նեդրումներու նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Պայմանագիրը <<Թամարա Ֆրութ>> եւ <<Al Falaj>> ընկերութիւններուն միջեւ կնքուած է  <<Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ>> ներդրումային համաժողովին ընթացքին: Արաբական գործընկերը արդէն 15 բեռնարկղ (container)  հայկական օրգանական եւ բնական արտադրանք պատուիրած է: Հայկական արտադրանքը արաբական երկիրներու հիւրանոցներուն պիտի տարածուի NOHF (Natural organic healthy food- բնական, օրգանական, առողջ սնունդ) մակնիշով:

Նոյն օրը, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան, Արտահանման գծով տնօրէն Հայկ Միրզոյեան եւ Հայաստանի ՏԶՆ նախարարութեան Ճիւղային տնտեսական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Արմէն Եգանեան այցելեցին <<Թամարա Ֆրու>>չի պահեստներ՝ հետեւելու արտահանման ընթացքին, գործարարին հետ քննարկելու հնարաւոր խնդիրներն ու աջակցման նոր ծրագիրները:

<<Հիմնադրամը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը արտածման զարգացման ուղղութեամբ, քանի որ արտածումը Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչներէն մէկն է>>, յայտնեց ՀԶՀ գործադիր տնօրէն Աւագեան:

<<Համագործակցութեան էապէս նպաստեց Մարտ 22ին Ապու Տապիի ներդրումային համաժողովը՝ Հայաստանի նախագահի մասնակցութեամբ: Անիկա բաւական արագացուց գործընթացը: Մարդիկ հաւատացին, վստահեցան Հայաստանին>>, տեղեկացուց <<Թամարա Ֆրու>>չ ընկերութեան տնօրէն Բորիս Յովհաննիսեան:

<<Այս արտադրանքի ե՛ւ որակը, ե՛ւ գինը կը համապատասխանեն արաբական շուկայի պահանջներուն ու գիներուն>>, նշեց <<Ալ Ֆալաժ>> ընկերութեան գործադիր տնօրէն Համադ Ալ Շահէյ:

Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղուած <<Հայաստան-ԱՄԷ>> ներդրումային համաժողովը տեղի ունեցած էր Մարտ 22ին, Ապու Տապիի մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապիի Էմրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մոհամմետ պին Զայէտ Ալ Նահիանի բարձր հովանաւորութեամբ, եւ Հայաստանի նախագահին մասնակցութեամբ:

Համաժողովին ներկայացուած էին գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ դեղագործութեան, տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, անշարժ գոյքի ոլորտներու վերաբերեալ շնորհահանդէսներ, Հայաստանի մէջ գործող օտարերկրեայ ընկերութիւններու յաջողած պատմութիւններ, ներդրումային շարք մը նախագիծեր:

 



comments