Եւրոպական դատարանը Հայաստանին Մուրադեաններուն հատուցում վճարել կու տայ

By Asbarez | Thursday, 11 May 2017

0512vartanharutyunian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռադիօ>> - Հայաստանի կառավարութիւնը իր պահուստային հիմնադրամէն աւելի քան 50 հազար եուրօ պիտի վճառէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի <<Մուրադեանն ընդդէմ Հայաստան>> գործով վճիռի կատարման համար:

Ժամկէտային զինուոր Սուրէն Մուրադեան 2002ին Ղարաբաղի մէջ ծառայելու ատեն հիւանդացած էր, ապա՝ մահացած: Եւրոպական դատարանը վճռած է, որ խախտուած է զինուորի կեանքի իրաւունքը եւ պարտաւորեցուցած է Հայաստանի կառավարութիւնը 50 հազար եուրօ փոխհատուցում վճարել Մուրադեաններու ընտանիքին:

 



comments