Քասփըրչիքին փոխանցուած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներուն մանրամասնութիւնները

By Asbarez | Friday, 12 May 2017

0513kasperchik

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ -  Մայիս 12ին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ առկայ իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր, իսկ Միրզոյեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս աւելի յաճախակի դարձած զինադադարի խախտման դէպքերուն մասին:

Ընդգծուած է նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի լիազօրութեանց ընդարձակման եւ շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան համակարգ մը հաստատելու կարեւորութիւնը: Ապա անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի գործունէութեան վերաբերեալ շարք մը այլ հարցերու:

comments