Պաքու կեղծ յայտարարութիւններ կը տարածէ. Արծրուն Յովհաննիսեան

By Asbarez | Friday, 12 May 2017

0513Ardzroun

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ուժային այլ կառոյցներ վերջին քանի մը օրերուն կեղծ յայտարարութիւններ սկսած են տարածելու՝ Ատրպէյճանի մէջ հայկական հետախուզական ցանցի մը բացայայտման եւ անոնց <<ահաբեկչական գործողութիւններ>>ու ծրագիրներուն մասին. Ուրբաթ, Մայիս 12ին յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

<<Հայկական կողմը դա գնահատում է որպէս ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նոր ու աւելի հեռուն գնացող սադրանք: Հայաստանը, ի տարբերութիւն ատրպէյճանական կողմի, ահաբեկչական գործողութիւնները երբե՛ք չի դիտարկել որպէս ռազմական գործողութիւնների միջոց>>, գրել է Յովհաննիսեան:

 

comments