Փայլան խորհրդարանի օրակարգ հասցուցած է Պելկէ-ի հարցը

By Asbarez | Friday, 12 May 2017

0513garo-paylan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան Պոլսոյ <<Պելկէ>> հրատարակչութեան գրասենեակին վրայ թրքական ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններուն կազմակերպած յարձակումին եւ 2000է աւելի գիրքերու գրաւման հարցը հասցուցած է խորհրդարանի օրակարգ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական <<t24.com.tr>> լրատուական կայքը:

Հայ պատգամաւորը գրաւոր հարցում յղած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին եւ լուսաբանութիւն խնդրած է այն մասին, թէ նման ոստիկանական գործողութիւն եւ նման գիրքերու գրաւում ի՞նչ շօշափելի օգուտ կրնան տալ երկրին, եւ թէ ի՞նչ հիմքեր ունի հրատարակչութեան դէմ կազմակերպուած այս գործողութիւնը:

Փայլան նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչ իրաւունքով բռնագրաւուած են գիրքերը՝ առանց դատարանի համապատասխան որոշումի:

Յիշեցնենք, որ յարձակումէն անմիջապէս ետք, Փայլան <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ նշած էր, որ <<Պելկէ>> հրատարակչութիւնը լոյս սփռած է Թուրքիոյ յանցաւոր անցեալին վրայ, եւ խորհուրդ տուած էր ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններուն, որ առնուազն կարդա՛ն իրենց գրաւած գիրքերէն քանի մը հատը:

<<Պելկէ>> հրատարակչութիւնը, շուրջ 40 տարիէ ի վեր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ, առանց հրաժարելու իր ընդդիմադիր հայեացքներէն։ Անիկա բազմաթիւ օտարալեզու պատմագիտական գիրքեր թրքերէնի թարգմանած է եւ հրատարակած, ինչպէս նաեւ տպած է թրքերէն հեղինակային գիրքեր, որոնք լոյս կը սփռեն Թուրքիոյ այլընտրանքային եւ պաշտօնական պատմագրութենէն դուրս մնացած անցեալին վրայ:

Հրատարակչութիւնը պարբերաբար ենթարկուած է յարձակումներու եւ ժամանակ առ ժամանակ ստիպուած եղած է դադրեցնելու իր աշխատանքը:

<<Պելկէ>> հրատարակչութիւնը առաջիններէն էր Թուրքիոյ մէջ, որ անդրադարձած է Հայկական Հարցին, 1990ականներու սկիզբէն ի վեր: Հրատարակչութեան կը պատկանին <<Յուշամատեան Ապրիլ 24ի>>, <<Թուրքիոյ Վարած Ուծացման Եւ Լեզուասպանութեան Քաղաքականութիւնը>>, <<Հայոց Ցեղասպանութիւն>> եւ Հայկական Հարցին նուիրուած տասնեակ այլ գիրքեր:

 



comments