By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Պի. Պի.Սի.>>.- Մայիս 15ի երեկոյեան, <<Ուաշինկթըն Փոս>>չ թերթի կայքը հաղորդեց, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին գերգաղտնի տեղեկութիւններ եւ անոնց աղբիւրը բացայայտած է Ռուսիոյ, Սպիտակ տուն այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ դեսպանին հետ իր հանդիպման ընթացքին։
Մինչ նախագահը իրաւունք ունի ի հարկին գերգաղտնի տեղեկութիւններ բացայայտելու, տեղեկութիւն ստացող կողմը եւ յատկապէս տեղեկութիւնները Ուաշինկթընին փոխանցած՝ <<Միացեալ Նահանգներու դաշնակից>>ին ինքնութեան բացայայտումը հարցականներ ստեղծած են նախագահին տրամաբանելու կարողութեան շուրջ։
Լուրը տարածած կողմը կը շեշտէ, թէ Թրամփ այս բացայայտումը կատարած է անուղղակիօրէ՛ն, երբ իր աղբիւրներուն մասին պարծենալով՝ կը փորձէր տպաւորել իր այցելուները։
Բացայայտումները քննադատուեցան շարք մը դեմոկրատ եւ հանրապետական քոնկրեսականներու կողմէ, սակայն Թրամփ Մայիս 16ին յայտարարեց, թէ ինք իրաւունք ունի Ռուսիոյ հետ գաղտնի տեղեկատուութիւն կիսելու, առանց հերքելու <<Ուաշինկթըն Փոս>>չի լուրը: Ան նշեալ տեղեկութեանց բացայայտումը վերագրած է իր <<մարդասիրական նկատառումներ>>ուն։
Իր կարգին, Սպիտակ տունը պնդեց, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միայն այն տեղեկութիւնները, որոնք արդէն իսկ յայտնի են հանրութեան:
Յատկանշական է, սակայն, որ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թրամփի եւ Ռուսիոյ միջեւ կասկածելի կապերը հետապնդող <<Էֆ.Պի.Այ.>>ի տնօրէն Ճէյմզ Քոմիի պաշտօնազրկումէն մէկ օր ետք։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ