Թուրքիա-Քաթար միացեալ ռազմակայան պիտի հաստատեն

By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017

 

0512Turkey-Qatar

ՏՈՀԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիա եւ Քաթար համաձայնութիւն գոյացուցած են Տոհայի մէջ միացեալ ռազմակայան ստեղծելու եւ հոն հարիւրաւոր թուրք զինուորներ տեղակայելու գծով:

Պարսկական <<Փրէս Թի.Վի.>> կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Իհսան Պիւլպիւլ յայտարարած է, թէ համաձայնագիրի ծիրէն ներս կը նախատեսուի թուրք-քաթարական միացեալ մարտավարական զօրամասեր հաստատել Տոհայի մէջ:

Նաեւ, ռազմակայանի հրամանատարը պիտի ըլլայ քաթարցի, իսկ թուրք մը պիտի ըլլայ անոր օգնականը:

Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ ռազմակայանին մէջ թուրք զինուորներուն թիւը պիտի հասնի 500-600ի:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը դէ՛մ արտայայտուած է այդ համաձայնագիրին:

 



comments