By Asbarez | Thursday, 18 May 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Երեքշաբթի, Մայիս 16ի յետմիջօրէին, Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ քանի մը ցուցարարներ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան։
<<Նման յարձակումներ չենք ակնկալեր տեսնել Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ։ Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժողութիւնը Միացեալ Նահանգներ փոխադրել>>, այս առթիւ յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ յարձակումին մէկ մասը տեսագրելով՝ զետեղած է Հայ Դատի <<Ֆէյսպուք>>ի կայքէջին վրայ՝ հետեւեալ հասցէին. www.facebook.com/ancagrassroots:
Նշենք, որ Էրտողանի պաշտօնական այցելութեան դէմ ցոյցը սկսած է Լաֆայէթ հրապարակէն, իսկ յարձակումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանին մօտակայքը։
Ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հելէնական խորհուրդին եւ շարք մը այլ քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ