Լաւրով եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ հարցով շօշափելի ծրագիրի մը շուրջ չեն համաձայնած

By Asbarez | Wednesday, 17 May 2017

0518Tillerson-Lavrov

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռիա Նովոսթի>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Ռեքս Թիլըրսըն անցեալ շաբաթ կայացած իրենց հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն չեն գոյացուցած ծրագիրի մը շուրջ, որ պիտի նպաստէ սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման. Մայիս 16ին այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Սթիուըրթ Ճոնզ:

Ան աւելցուցած է. <<Թիլըրսըն եւ Լաւրով արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցած են. անոնք քննարկած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջընթաց արձանագրել Սուրիոյ հարցին մէջ: Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը ընդունած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները այժմ ցած մակարդակի վրայ են>>, միաժամանակ նշած է, որ Ուաշինկթընի մէջ յոյսեր կան, թէ սուրիական տագնապին շուրջ Մոսկուայի հետ հաղորդակցութիւնները պիտի բարելաւուին:

 

comments

Advertisement