Հայաստանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն կը ստանան անվճար ուսանելու Վրաստանի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 17 May 2017

 

0518levon

ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի Վրաստանի փոխվարչապետ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ալեքսանտրէ Ճեճելաւայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցին ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ նախարարի տեղակալներուն հետ: Քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղիները:

Այնուհետեւ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է յուշագիր՝ ի դէմս նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ Վրաստանի փոխվարչապետ եւ նախարար Ալեքսանտրէ Ճեճելաւայի:

Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է Լեւոն Մկրտչեանին հիւրընկալութեան համար՝ կարեւոր նկատելով երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը:

Վրաստանի փոխվարչապետը շնորհակալութիւն է յայտնել Լեւոն Մկրտչեանին հիւրընկալութեան համար՝ կարեւոր համարելով երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը:

<<Իմ աշխատանքային առաջին հանդիպումներէն մէկը եղած է նոյնինքն Ախալքալաքի հայ մանկավարժներուն հետ: Այս մէկը անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ այն փաստը, որ մեր երկու երկրներուն համագործակցութիւնը լաւագոյն մակարդակի վրայ է վերջին տասնամեակին, իսկ այս պահուն, կը կարծեմ, անկէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ է: Մենք ունինք ընդհանուր խնդիրներ, նպատակներ եւ մօտեցումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ շարք մը յստակ քայլեր պիտի ձեռնարկուին՝ տարբեր ուղղութիւններով, յառաջիկա քանի մը ամիսներուն ընթացքին։ Առաջին ուղղութիւնը պիտի ըլլայ հայկական դպրոցներու որակի բարելաւումը եւ հայոց լեզուի դասաւանդման ծրագիրը: Հետեւաբար, մեր առաջին երկկողմ համագործակցութիւնը ինքնին այս ուղղութեամբ պիտի ըլլայ: Այստեղ շատ կարեւոր է երիտասարդ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը, որպէսզի վերջիններս պատրաստ ըլլան մտնել դպրոցներ եւ կատարել մեծ փոփոխութիւններ: Մենք կը նախատեսենք որոշ միասնական գործընթացներ նաեւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ եւ կը հաւատանք, որ կը կարենանք այդ բոլորը իրականացնել միջազգային մակարդակով>>, նշած է վրացի նախարարը՝ ընդգծելով, որ ձեւաւորուող աշխատանքային խումբերու գործունէութեան նախնական արդիւնքները մինչեւ տարեվերջ տեսանելի կը դառնան:

Ըստ յուշագիրին՝ կողմերը հանրակրթութեան, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան եւ հետազօտութեան ոլորտներուն մէջ պիտի կազմեն աշխատանքային խումբեր: Կը նախատեսուի փոխադարձ հիմքերով տրամադրել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ մագիստրոսական աստիճանի առաւելագոյնը 10 կրթաթոշակ:

Վրացական կողմը կը պարտաւորուի Հայաստանի քաղաքացիները ազատել Վրաստանի պետական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ ուսման վճարէն, եթէ անիկա չի գերազանցեր 2250 վրացական դրամական միաւորը: Հայկական կողմը կը պարտաւորուի Վրաստանի քաղաքացիները ազատել Հայաստանի պետական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ  ուսման վճարէն, եթէ վերջինս չի գերազանցեր 1,000,000 դրամը:

Երկու կողմերէն առաջադրուած ուսանողները կը պարտաւորուին հաւաստել դասաւանդման լեզուներու որոշ մասնագիտացման մակարդակ (անգլերէն եւ ռուսերէն), հակառակ պարագային՝ ուսանողները կը պարտաւորուին յանձնել կարգ մը ներքին քննութիւններ՝ կազմակերպուած տուեալ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան կողմէ:

 



comments

Advertisement