Մինսկի խումբի համանախագահներու հասցէական յայտարարութիւնը նոր որակ է զինադադարի պահպանման ջանքերուն. Դաւիթ Բաբայեան

By Asbarez | Friday, 19 May 2017

 

0520davitpapayan

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հասցէական յայտարարութիւնը նոր որակ կը հաղորդէ զինադադարի պահպանման ջանքերուն: Այս մասին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ին՝ յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի վերջին յայտարարութիւնը:

<<Ասիկա շատ դրական զարգացում է: Մենք միշտ ըսած ենք՝ ժամանակն է, որ յայտարարութիւնները ըլլան հասցէական եւ կոշտ: Հաւանաբար առաջին անգամն է, որ այսպիսի համախմբուած ու հասցէական յայտարարութիւն կը հնչէ, բայց յստակ կը նշուի, որ Մայիս 15ին Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը, խոցած է զինամթերք եւ ի պատասխան ատոր, արցախեան կողմը ստիպուած դիմած է պատասխան գործողութիւններու: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ նոր որակ կը հաղորդուի զինադադարի պահպանման ջանքերուն>>, ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ըստ անոր՝ եթէ յայտարարութիւնը հասցէական է, կայ յստակ գնահատական, իրերը կը կոչուին իրենց անուններով, որովհետեւ ատիկա հիմք է նոր գործընթաց սկսելու: Այսինքն՝ զինադադարը խախտողը պատասխան պիտի տայ իր ըրածներուն համար:

<<ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի յայտարարութիւնը կը խօսի այն մասին, որ բոլորը շահագրգռուած են, որ տարածաշրջանին մէջ պահպանուի կայունութիւն, խաղաղութիւն: Ալիեւի արկածախնդրութիւնը, ներքին <<ռազպորկա>>ներէն (ճակատումներէն-Խմբ.) հասարակութեան ուշադրութիւնը նման վտանգաւոր ձեւերով շեղելը անընդունելի է: Կը կարծեմ, որ այս յայտարարութեան պիտի յաջորդեն համապատասխան գործընթացներ, հաւանաբար, անոնք հրապարակային չըլլան, ատիկա պարտադիր ալ չէ: Միջազգային հանրութիւնը իր դիրքորոշումը աւելի յստակ ու յամառօրէն պիտի ներկայացնէ>>, ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեան:

 



comments

Advertisement