Իսլամական Պետութիւն-ը ստանձնեց Անգլիոյ մէջ 22 զոհ խլած ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 23 May 2017

 

0524manchester

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Մայիս 23ին, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնեց Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքի մարզահամերգային համալիրի մուտքին, Մայիս 22ի գիշերը կատարուած անձնասպանական յարձակումին պատասխանատուութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք առնուազն 22 հոգի սպաննուեցաւ եւ 59 ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Զոհերու շարքին էր նաեւ ութամեայ աղջնակ մը։

Ոստիկանութեան նախնական տուեալներով՝ ոճրագործը եղած է 22ամեայ երիտասարդ մը, որ Մանչեսթըր ծնած է եւ զաւակն է Լիպիայէն ներգաղթողներու։ Մինչ կ՛ենթադրուի, որ յարձակողը ինքնագլուխ գործած է, հետաքննութիւնը կը շարունակուի եւ արդէն իսկ 23ամեայ երիտասարդ մը ձերբակալուած է՝ քաղաքի հարաւային արուարձաններուն մէջ։

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յարձակումը որակեց՝ <<սարսափելի ահաբեկչական արարք>>:

Այս առթիւ, Բրիտանիոյ վարչապետին ցաւակցական հեռագիր յղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ քաղաքի ֆութպոլի <<Եունայթըտ>> խումբի աստղ Հենրիկ Մխիթարեան, <<Թուիթըր>>ի վրայ գրած է. <<Ուժե՛ղ եղիր, Մանչեսթըր: Բոլոր միտքերս եւ աղօթքներս անո՛նց հետ են, որոնք տուժեցին գիշերը տեղի ունեցած սարսափելի յարձակումին իբրեւ հետեւանք>>։

 



comments

Advertisement