Տաւութօղլու Անբաւարար Կը Համարէ Մինսկի Խմբակի Աշխատանքը

By Asbarez | Tuesday, 06 December 2011

ՎԻԼՆԻՒՍ, Լիթուանիա, «Էյ.Փի. Էյ.».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, Վիլնիւսի մէջ գումարուող ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ ԵԱՀԿ երկիրներու տարածքին ձգձգուող հակամարտութիւններու առկայութիւնը կը վնասէ կազմակերպութեան գործունէութեան. ան անբաւարար համարած է յատկապէս Արցախի հարցին լուծում մը գտնելու նպատակով՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ջանքերը:

«Անհրաժեշտ է շտապ գործել: Այդ իսկ պատճառով, Թուրքիա կ՛ուզէ աւելի ազդու դարձնել հակամարտութիւնները լուծելու ԵԱՀԿի դերակատարութիւնը», ըսած է Տաւութօղլու եւ անգամ մը եւս հաստատած է Թուրքիոյ նուիրուածութիւնը՝ տարածքային հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ափսոսանքով նշած է, որ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու աշխատանքը առայժմ որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ տուած:

comments