Պապը խաղաղարար ըլլալու կոչ կ՛ընէ Թրամփին

By Asbarez | Wednesday, 24 May 2017

 

0525pope

ՎԱՏԻԿԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Մայիս 24ին Վատիկան ժամանած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ձիթենիի մը արձանիկը նուէր ստացած է Ֆրանսիս պապէն, որ աշխարհի տարածքին խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն վրայ շեշտը դնելու կոչ ըրած է Թրամփին։ Պապը նաեւ անոր յանձնած է կենսոլորտի ջերմացումը զսպելու մասին 2015ին իր կատարած բանախօսութեան արձանագրութիւնը՝ անոր ուշադրութեան յանձնելով այդ կարեւոր հարցը, որ շինծու պնդում մը կը նկատուի նախագահին կողմէ։

Ֆրանսիս պապ շեշտած է գաղթականներու օժանդակութեան հասնելու կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով Ուաշինկթընին, որ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրէ գաղթականական միջազգային տագնապը մեղմացնելու ջանքերուն։

Յիշեցնենք, որ Թրամփ ամօթալի համարած էր պապին կողմէ անցեալ տարի կատարուած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ անոնք, որոնք կամուրջներու փոխարէն պատեր կը շինեն, քրիստոնեայ չե՛ն։

Միւս կողմէ, Թրամփի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս վերահաստատած էր պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի խաղաղ լուծման ու Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին հանդէպ իր յանձնառութիւնը: <<Պաղեստինցիներուն հարցը բռնագրաւումի, բնակեցման եւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը չյարգելու խնդիրն է>>, ըսած է Ապպաս:

Թրամփ, իր կարգին, արտայայտած է իր յանձնառութիւնը պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքին գծով։

 



comments

Advertisement