Էրտողանի Ինքնանկար-ը հրապարակած թերթի ղեկավարները 22.5 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուին

By Asbarez | Wednesday, 31 May 2017

0525erdo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը քննադատող նկար մը հրապարակած թրքական <<Նոքթա>> թերթի երկու ղեկավարները դատապարտուած են 22.5 տարուան բանտարկութեան՝ <<ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու>>, <<նախագահը հրապարակաւ վիրաւորելու>> եւ <<Թուրքիոյ հանրապետութեան դէմ զինուած ապստամբութիւն հրահրելու>> յանցանքներով:

Ըստ թրքական <<Տիքեն>> թերթին՝ <<Նոքթա>> թերթի կողքին վրայ պատկերուած էր նախագահին նկարը, ուր ցոյց կը տրուէր, թէ Էրտողան ինքնանկար մը կ՛առնէ թուրք զինուորի մը դագաղին առջեւ:

 



comments