By Asbarez | Wednesday, 31 May 2017
ՍԷՈՒԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Հիւսիսային Քորէա, անցած շաբաթավերջին, երկու շաբթուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով հրթիռի փորձարկում կատարեց: Նախորդ երկու փորձերը կատարուած էին Մայիս 14ին եւ 21ին:
Հրթիռը արձակուած է Հիւսիսային Քորէայի արեւելեան ծովափի Վոնսան քաղաքի մօտերէն: Ճափոնցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու տուեալներով՝ հրթիռը 6 վայրկեան տեւած իր թռիչքի ընթացքին կտրած է 450 քիլոմեթր տարածք եւ ինկած է Ճափոնական ծովուն մէջ, Ճափոնի Սիմանէի շրջանի Օքի կղզիներէն 300 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Հրթիռը հասած է մինչեւ 100 քիլոմեթր բարձրութեան: Անոր փորձարկումէն ետք, Ճափոնի վարչապետ Սինճօ Ապէ իր երկրի Ապահովութեան խորհուրդը հրաւիրած է արտակարգ նիստի եւ խոստացած՝ <<Հիւսիսային Քորէան զսպելու համար, Միացեալ Նահանգներու հետ շօշափելի քայլերու ձեռնարկել>>:
Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց հրթիռին փորձարկումը՝ զայն նկատելով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու <<բացայայտ խախտում>>, եւ խոստացաւ՝ <<խիստ միջոցներ>>ու ձեռնարկել Հիւսիսային Քորէայի դէմ:
Հիւսիսային Ամերիկայի օդային տարածքի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը իր կարգին յայտնեց. <<Հիւսիսային Քորէայի արձակած հրթիռը ամերիկեան հողամասերուն վտանգ չի ներկայացներ>>:
Միացեալ Նահանգներ, սակայն, սկսած է Չինաստանի հետ քննարկելու Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ նոր որոշումի մը որդեգրումը՝ աւելցնելով, որ Փիոնկեանկի գլխաւոր դաշնակից Չինաստանը եւս կը գիտակցի, թէ բանակցութեանց ճամբով Հիւսիսային Քորէայի սպառազինման ծրագիրը դադրեցնելու ժամանակը սահմանափա՛կ է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս դատապարտեց հեթիռին արձակումը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ