Թրքական դատարանը վճռած է կալանաւորել ցեղասպանութիւնը ճանչցած պատգամաւորը

By Asbarez | Wednesday, 31 May 2017

0531osman-baydemir

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Տիգրանակերտի մէկ դատարանը Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Օսման Պայտեմիրը կալանաւորելու որոշում տուած է՝ կը գրէ թրքական <<Միլիէ>>չ թերթը:

Պայտեմիր կը մեղադրուի Տիգրանակերտի քաղաքապետ եղած օրերուն (2012ին) նահանգապետարանին դիմաց ոստիկաններ վիրաւորելու յանցանքով: Ան նահանգապետարան գացած էր խումբ մը պատգամաւորներու հետ, բողոքելու այն բանին համար, որ իրենց արգիլուած է ցոյց իրականացնելը: Դատախազը պահանջած է զայն 1-3 տարուան բանտարկութեան դատապարտել:

Պայտեմիր, Տիգրանակերտի քաղաքապետ եղած օրերուն, քանի մը անգամ ներողութիւն խնդրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան համար, ինչպէս նաեւ աջակցած էր տեղւոյն հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն: 2014ին, ան այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղիկներ զետեղած Անմար կրակին մօտ:

 



comments