ԵՐԵՒԱՆ - Եռօրեայ ճանաչողական այցով, Իսրայէլէն Հայաստան ժամանած են զբօսաշրջութեան 17 գործարկուներ (operator): ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հաղորդումով՝ իսրայէլեան կողմը հանդիպած է հայաստանեան զբօսաշրջային գործարկուներու հետ:
ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան շեշտած է Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ <<Կը գտնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջային այցելութիւններու աշխուժացումը, բացի տնտեսական նշանակութենէն՝ ունի նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ միջմշակութային երկխօսութեան, անոնց բարեկամութեան ամրապնդման եւ զարգացման կարեւոր նշանակութիւն>>, ըսած է ան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառէն ներս յետագայ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հարցեր: Կողմերը փոխանակած են անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, յետագայի համագործակցութիւնը առաւել աշխուժացնելու նպատակով:
Նշենք, որ իսրայէլացի զբօսաշրջային 17 գործարկուներու այցը Հայաստան կազմակերպուած էր <<Արմէնիա>> օդանաւային ընկերութեան կողմէ:

