Նախագահ Սարգսեան եւ Նախարար Մկրտչեան ընդունած են Գերմանիոյ Կէօթէ հիմնարկին նախագահը

By Asbarez | Sunday, 04 June 2017


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Գերմանիոյ մեծագոյն մշակութային հաստատութեան` <<Կէօթէ>> հիմնարկի նախագահ Քլաուս-Տիթըր Լեհմանը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ յոյս յայտնած, որ պարոն Լեհմանի այցելութիւնը Հայաստան նոր սկիզբ կը դառնայ հայ-գերմանական կրթամշակութային համագործակցութեան զարգացման եւ  այդպիսով նաեւ երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման համար: Նշելով, որ այս տարի Հայաստանը եւ Գերմանիան կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատման 25-ամեակը` նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ անցած այդ տարիներուն ընթացքին հայ-գերմանական յարաբերութիւնները միայն վերընթաց զարգացում ունեցած են` հաստատուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, ձեւաւորուած են կայուն միջխորհրդարանական յարաբերութիւններ, յաջողութեամբ կը զարգանան առեւտրական եւ տնտեսական կապերը, համագործակցութիւնը կրթութեան, մշակոյթի մարզերուն մէջ եւ ապակեդրոնացուած մակարդակի վրայ: Այդ բոլորը, հանրապետութեան նախագահին համոզումով, լաւ հիմք է խթանելու Հայաստանի մէջ  գերմաներէնի աւելի խորացուած ուսուցումը, ինչ որ իր կարգին կը նպաստէ  բոլոր մարզերուն մէջ փոխշահաւէտ երկկողմանի կապերու ամրապնդման:

Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները քննարկած են 2009-էն Հայաստանի մէջ  գործող Գերմաներէնի ուսուցման կեդրոնին զուգահեռ գերմաներէնի տարածման նպաստող այլ կարելիութիւններու, որոնց կարգին` <<Կէօթէ>> հիմնարկի կեդրոնի հիմնումին հարցը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան  պատրաստակամութիւն յայտնած է նման լուծման յանգելու պարագային պետութեան կողմԷ աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ նախաձեռնութեան իրականացման:

Քլաուս-Տիթըր Լեհման վստահեցուցած է, որ <<Կէօթէ>> հիմնարկը  իր լաւագոյնը պիտի կատարէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու համար:

 


Նոյն օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւս ընդունած է Քլաուս-Տիթըր Լեհմանը: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մկրտչեան կարեւոր նկատած է հայ-գերմանական կրթական համագործակցութիւնը եւ ընդգծած յատկապէս <<Կէօթէ>> հիմնարկի ներդրումը այդ ասպարէզին մէջ: Շեշտելով, որ <<Կէօթէ>> հիմնարկի հայաստանեան խումբը արդիւնաւէտ եւ կարեւոր աշխատանք կը կատարէ մեր երկրին մէջ գերմաներէնի տարածման եւ զարգացման ուղղութեամբ` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ներկայացուցած է  Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւնները:

Իր կարգին, դոկտ. Քլաուս-Տիթըր Լեհման նշած է, թէ հիմնարկը պատրաստակամ է խորացնելու համագործակցութիւնը Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ <<Կէօթէ>> հիմնարկի  գրասենեակի գործունէութեան եւ ընդգծած, որ հետեւողական քայլեր  կը ձեռնարկուին Հայաստանի մէջ <<Կէօթէ>> հիմնարկի մասնաճիւղի բացման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ հայ-գերմանական համագործակցութեան առնչուող շարք մը այլ հարցեր:

 

 


comments