Պաքու կը բողոքէ Արցախը Հայկական պատմական հող կոչած Կիպրոսի նախարարի յայտարարութեան դէմ

By Aztag Daily | Sunday, 04 June 2017

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ մեկնաբանած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի կողմէ <<Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղ>>-ին մասին արտայայտուած միտքերը:

Ան 31 մայիսին յայտարարած է, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապին մասին Քասուլիտեսի խօսքերը կը հակասեն <<միջազգային իրաւունքի սկզբունքներ>>-ուն եւ կը նպաստեն Պաքուի դէմ Հայաստանի <<յարձակողապաշտ եւ բռնագրաւիչ>> քաղաքականութեան խրախուսման, միաժամանակ` վնաս կը հասցնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ` տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին:

Նշենք, որ Կիպրոս այցելած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Քասուլիտես յայտարարած էր, որ սխա՛լ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, քանի որ` <<ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ հոն եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած>>:

 



comments