Նախագահ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Բրիտանիոյ վարչապետին

By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին` Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ բազմաթիւ անմեղ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձած է:

<<Այս դժուար պահուն իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Բրիտանիոյ  բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:

<<Մենք խստօրէն կը դատապարտենք նման ստոր, անմարդկային գործողութիւնները եւ վճռական տրամադրուած ենք` միացեալ ուժերով շարունակելու պայքարը բռնութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ>>, նշուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:


comments