By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017

2 յունիս 2017-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահութեան անդամ, Գերմանիոյ խորհրդարանի պիւտճէի հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Տիթմար Նիթանը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը, բարձր գնահատած անոր գործունէութիւնը հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման ու դատապարտման ուղղութեամբ անոր հետեւողական ջանքերուն համար: <<Յարգելի՛ պարոն Նիթան, Հայաստանի մէջ քաջածանօթ են ձեր գործունէութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պատմական արդարութեան վերականգնման եւ իրերը իրենց անունով կոչելու ձեր ջանքերուն: Ձեր պարագային ատիկա աւելի քան գնահատելի է, որովհետեւ դուք, ըլլալով Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման կողմնակից, այսուհանդերձ, շատ յստակօրէն ձեր ձայնը բարձրացուցիք եւ պայքարեցաք, որ Գերմանիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` այդպիսով ձեր ներդրումը ունենալով ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման համամարդկային պայքարին մէջ>>, ըսած է հանրապետութեան նախագահը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սարգսեան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Տիթմար Նիթանը պարգեւատրած է Մխիթար Գոշի մետալով:
Տիթմար Նիթան հանրապետութեան նախագահէն շնորհակալութեամբ ընդունելով բարձր պարգեւը` մէջբերած է յայտնի ցեղասպանագէտ Էլի Վիզելի խօսքերը` <<Ով որ կը մոռնայ զոհերը` զանոնք կը սպաննէ երկրորդ անգամ>>, եւ ընդգծած, որ, իր համոզումով, բոլորը պէտք է ջանան ներդրում ունենալ աշխարհին մէջ խաղաղութեան, փոխըմբռնման, հաշտութեան հաստատման եւ արդարութեան վերականգնման գործին մէջ: Ան վստահեցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր ջանքերը կէս ճամբուն չմնան, եւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը երբեք չմոռցուի:
Հանրապետութեան նախագահը յաջողութիւն մաղթած է Տիթմար Նիթանին եւ յոյս յայտնած, որ ան իր աշխուժ գործունէութեամբ շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ