Լոնտոնի մէջ յարձակումին առնչակից 12 անձեր ձերբակալուեցան Պարքինկի մէջ

By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017



<<Պի. Պի. Սի.>> կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ շաբաթ օր տեղական ժամանակացոյցով շուրջ ժամը 22:00-ին 7 զոհ եւ 48 վիրաւոր պատճառած յարձակումէն ետք, բրիտանական ոստիկանութիւնը երէկ արեւելեան Լոնտոնի Պարքինկ շրջանին մէջ յարձակումին մասնակից երեք անձերէն մէկուն պատկանող յարկաբաժինը ներխուժելով ձերբակալած է դէպքին առնչակից 12 անձեր:

Շաբաթ օր ճերմակ փոքր փոխադրակառք մը Լոնտոնի կամուրջին վրայ վրայերթի ենթարկած էր անցորդներ, ապա երեք անձեր փոխադրակառքէն վար իջնելով մօտակայ Պորօ շուկային մէջ անցորդներ դանակահարած էին: Քանի մը վայրկեան ետք անոնք սպաննուեցան ոստիկանութեան կողմէ: Վիրաւորներուն շարքին էին չորս ոստիկաններ, որոնք փորձած էին արգելք հանդիսանալ յարձակումին: Անոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է:

Ասիկա վերջին երեք ամսուան ընթացքին Բրիտանիոյ մէջ արձանագրուած երրորդ ահաբեկչական յարձակումն էր: Առաջինը տեղի ունեցած էր մարտին` Բրիտանիոյ խորհրդարանին մօտ եւ պատճառած 5 զոհ, իսկ երկրորդը` հազիւ երկու շաբաթ առաջ Մանչեսթըրի մէջ եւ պատճառած 22 զոհ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ դատապարտելով արարքը յայտնեց. <<Ժամը հասած է ըսելու <<բաւ է>>: Ան ըսաւ, որ երկիրը <<չի կրնար եւ պէտք չէ այնպէս ձեւանայ, որ հարցերը կրնան այսպէս շարունակուիլ: Կը հաւատանք, որ մեր դիմագրաւած սպառնալիքին մէջ կը գտնուինք նոր ուղղութեան մը դէմ յանդիման, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ահաբեկչութիւն կը ծնի>>:

Ան ըսաւ, որ Բրիտանիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարտավարութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի, եւ իր երկիրը այլ երկիրներու հետ պիտի գործէ, որպէսզի համացանցը ահաբեկիչներու համար <<ապահով տարածք>> մը ըլլալէ դադրի:

Բրիտանիոյ վարչապետը ըսաւ. <<Մեր երկրին մէջ ծայրայեղականութեան նկատմամբ չափազանց հանդուրժողականութիւն գոյութիւն ունի>>, եւ այդ մօտեցումը պէտք է փոխուի, թէեւ <<որոշ դժուար ու նեղ կացութիւններ ստեղծող քննարկումներ>> կ՛ենթադրէ:

Բրիտանական քաղաքական կուսակցութեանց մեծամասնութիւնը առկախեց խորհրդարանական ընտրութիւններու իր քարոզարշաւը, սակայն վարչապետը յայտնեց, որ քարոզարշաւը պիտի շարունակուի երկուշաբթի, եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուածին նման տեղի պիտի ունենան այս հինգշաբթի օր:

Միջազգային ղեկավարներ իրենց կարգին դատապարտեցին Լոնտոնի մէջ կատարուած ահաբեկչական վերջին յարձակումը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ երեկոյեան <<Թուիթըր>>-ի վրայ գրեց. <<Լոնտոնի եւ Բրիտանիոյ օգնելու համար Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ընելու ինչ որ կրնան: Մենք ձեր կողքին ենք: Աստուած ձեզ օրհնէ>>:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որ դէպքը դատապարտող առաջին միջազգային ղեկավարներէն էր, յայտնեց, որ իր երկիրը աւելի քան երբեւիցէ կը կանգնի Բրիտանիոյ կողքին: Նշենք, որ ֆրանսացի պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ վիրաւորներուն շարքին են չորս ֆրանսացիներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. <<Այսօր բոլոր սահմաններուն տարածքին ցնցուած ենք ու կը սգանք, սակայն նաեւ վճռական ենք: Ինչ կը վերաբերի Գերմանիոյ, կը վերահաստատեմ, որ ահաբեկչութեան բոլոր տեսակներուն դէմ պայքարին մէջ մենք վճռականօրէն կը կանգնինք Բրիտանիոյ կողքին>>:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր <<խորագոյն ցաւակցութիւնները>> յայտնեց բրիտանացիներուն եւ դատապարտեց յարձակումը: Բրիտանիոյ վարչապետին յղուած իր հեռագիրին մէջ ան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միացեալ ջանքերը <<պէտք է ըլլան հասարակաց պատասխան մը>>:

 

comments