Թուրինի մէջ յառաջացած իրարանցումին պատճառով արձանագրուած են 1500 վիրաւորներ

By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017



Շաբաթ գիշեր Իտալիոյ Թուրին քաղաքին մէջ 1500 անձեր վիրաւորուեցան, երբ պայթուցիկ մը խուճապ յառաջացնելով հրմշտուքի պատճառ դարձաւ:

Քաղաքի ֆութպոլի խումբին` Եուվենթուսի հազարաւոր համակիրներ կը հետեւէին Քարտիֆի մէջ Ռէալ Մատրիտի դէմ <<Չեմփիընզ Լիկ>>-ի աւարտական մրցումին, երբ պայթումի մը ձայնը լսուեցաւ, ականի մը պայթումին շուրջ տարաձայնութիւն տարածուեցաւ եւ մրցումին աւարտէն 10 վայրկեան առաջ մարդիկ խուճապահար փախուստի դիմեցին <<Փիացա Սան Քարլօ>> կեդրոնէն` իրենց ետին ձգելով կօշիկներ, պայուսակներ եւ այլ անձնական իրեր:

 

comments