Երբ Ծոցի երկիրներէն ծայրայեղականութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարիլ պահանջեցի` Քաթարը մատնանշեցի կ՛ըսէ Թրամփ

By Aztag Daily | Wednesday, 07 June 2017

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, հակառակ քաթարեան ճգնաժամին, <<յանձնառու է բանակցութիւններ վարելու Ծոցի բոլոր երկիրներուն հետ>>:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը իր կարգին յայտնեց, որ <<Ծոցի մէջ Ուաշինկթընի բոլոր գործընկերներն ալ շատ կարեւոր են>>` աւելցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Արաբական ծոցի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համար որեւէ դեր ստանձնելու: Ան նշեց, թէ իր երկիրը կը յուսայ, որ Ծոցի երկիրները շուտով կը լուծեն իրենց տարակարծութիւնները:

Ամերիկեան բանակը յայտնեց, որ իր օդուժի օդանաւերը կը շարունակեն Քաթարի Աիտ ռազմակայանէն թռիչքներ կատարել` հակառակ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու խզման: <<Ուաշինկթըն երախտապարտ է Քաթարին` շրջանային ապահովութեան նկատմամբ յանձնառութեան ծիրին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան իր երկարատեւ աջակցութեան համար>>, նշուեցաւ բանակին մէկ հաղորդագրութեան մէջ:

Ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը Քաթարի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ <<մնայուն խզում մը>> չ՛ուզեր` աւելցնելով, որ ընդհանուր կարծիք գոյութիւն ունի, թէ Քաթարի կողմէ բազմաթիւ վարմունքներ մտահոգիչ են ո՛չ միայն Ծոցի շրջանի իր դրացիներուն համար, այլ նաեւ` Միացեալ Նահանգներու համար:

Աւելի ուշ, սակայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ <<երբ Միջին Արեւելք իր այցելութեան ընթացքին Ծոցի երկիրներէն պահանջած է ծայրայեղականութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարիլ` Քաթարը մատնանշած է>>:

Մեկնաբանելով Քաթարի հետ յարաբերութիւններու խզումի հարցը` Թրամփ յայտնեց. <<Թերեւս ահաբեկչութեան ահաւոր արարքներուն վերջին սկիզբն է>>:

<<Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման վերաբերեալ Սէուտական Արաբիա այցելութեանս արդիւնքներուն երեւան գալը լաւ է>>, ըսաւ ան:

 



comments