By Asbarez | Wednesday, 07 June 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին <<Էն.Պի.Սի.>> պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը միջամտէ ամբողջ աշխարհի քաղաքական հոլովոյթներուն, միաժամանակ Ռուսիան կ՛ամբաստանէ՝ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելու յանցանքով: <<Ոչ ոք կ՛ուզեմ նեղացնել, սակայն Միացեալ Նահանգները ամէնո՛ւր, ամբողջ աշխարհի տարածքին, աշխուժօրէն կը միջամտէ այլ երկիրներու ընտրութիւններուն>>, ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:
<<Ես չեմ ըսեր, թէ մենք չենք միջամտած, սակայն եթէ մէկը որեւէ ձեւով ազդէ կամ փորձէ ազդել, կամ որեւէ ձեւով մասնակցի այդ հոլովոյթներուն՝ Միացեալ Նահանգները բողոքելու իրաւունք չունի՛: Դո՛ւք էք, որ անընդհատ կը միջամտէք>>, ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը:
Մեկնաբանելով այն տեղեկութիւնը, թէ Ուաշինկթընի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քիսլիաք, Թրամփի փեսային եւ այժմ խորհրդականին՝ Ճերըտ Քուշնըրի հետ քննարկած է Քրեմլինի հետ՝ <<փակ հաղորդակցութեան միջոց>>ի ստեղծման կարելիութիւնը, Փութին ըսած է. <<Ռուսիա ո՛չ մէկ կարգի հաղորդակցութեան միջոց ստեղծած է եւ ո՛չ մէկուն հետ որեւէ կարգի հաղորդակցութեան միջոց ունեցած է։ Թերեւս պաշտօնական հաղորդակցութիւններ եղած են բոլոր թեկնածուներու ընտրական գրասենեակներուն հետ. ատիկա դիւանագիտական բնական գործելաոճ է: Զուր տեղի աղմուկ բարձրացուցած էք եւ զայն գործող նախագահին դէմ պայքարի միջոցի վերածած էք>>:
Նշենք, որ Յունիս 5ին, Ճորճիայի մէջ ձերբակալուած էր ամերիկեան հետախուզական սպասարկութեանց համար աշխատող պաշտօնեայ մը, որ տեղեկութիւններ բացայայտած էր այն մասին, թէ Ռուսիոյ զինուորական ուժերու գաղտնի սպասարկութիւնները թափանցած են Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն համար օգտագործուած գործիքներու ընկերութիւններէն մէկուն համակարգիչներու ցանցէն ներս, Նոյեմբերի ընտրութեանց օրերուն, նման միջամտութիւններ կասեցնելու մասին Ուաշինկթընի ազդարարութիւններէն ետք իսկ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ