By Asbarez | Wednesday, 07 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հակառակ միջազգային հանրութեան խիստ յայտարարութիւններուն, Պաքուի վճռաբեկ ատեանը Յունիս 6ին անփոփոխ պահեց այլախոհ լրագրող Աֆղան Մուխթարլին բանտարկուած պահելու իր որոշումը։
<<Թուրան>> լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Մուխթարլիի հարցը փոխանցուած է ծանր յանցագործութիւններու վարչութեան:
Մայիս 29ին, Թիֆլիսի մէջ առեւանգուած եւ Պաքուի իշխանութեանց յանձնուած լրագրողը կը մեղադրուի շարք մը շինծու յանցանքներով: Մուխթարլիի գործընկերներն ու ընտանիքը կը պնդեն, թէ ան ձերբակալուած է քաղաքական դրդապատճառներով։ Արդարեւ, Ալիեւի ընտանիքին մասին անոր հետաքննութիւնները բացայայտած են շարք մը զեղծարարութիւններ եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու մասին փաստեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ