Ուաշինկթըն եւ Անգարա իրենց միջնորդութիւնը կ՛առաջարկեն Քաթարի տագնապին գծով

By Asbarez | Wednesday, 07 June 2017



ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Մինչ քանի մը երկիրներ եւս միացան Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի որոշումին, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ որոշումը արդարացուած չէ եւ անհիմն պնդումներու հետեւանք է: Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ երկիրը թիրախ դարձած է ստապատիր ամբաստանութեանց արշաւի մը, որուն նպատակը պետութեան վնաս հասցնելն է:

<<Նպատակը յստա՛կ է. պետութեան վրայ հոգատարութեան հաստատումն է, ինչ որ կտրուկ կերպով մերժելի՛ է>>, շեշտած է նախարարութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին յայտնեց, որ չի նախատեսեր, թէ Քաթարի հետ յարաբերութեանց խզումը ազդէ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարին վրայ: Ան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց պահպանելու իր միասնականութիւնը եւ միասնաբար աշխատելու տարակարծութիւններու լուծման վրայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց. <<Ուաշինկթըն պատրաստ է Ծոցի շրջանի տարակարծութիւնները լուծելու համար որեւէ դեր կատարելու>>:

Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ շարք մը արաբական երկիրներու կողմէ Քաթարի հետ յարաբերութիւններու խզումը անոնց սեփական որոշումն է, եւ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց երկխօսութիւն կատարելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սակայն ցաւ յայտնեց պատահածին համար՝ շեշտելով. <<Պատրաստ ենք Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերստին բնականոնացնելու համար օժանդակելու, եւ մեր ջանքը պիտի թափենք՝ հարցերը իրենց բնական վիճակին վերադարձնելու>>:

Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց. <<Երկխօսութիւնը անխուսափելի՛ է, մասնաւորաբար՝ Ռամատան օրհնեալ ամսուան ընթացքին>>: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Ծոցի շրջանին մէջ լարուածութեան առնչութեամբ՝ նշելով. <<Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը պէտք է Քաթարի հետ իրենց տարակարծութիւնները անկեղծ երկխօսութեան ճամբով լուծեն>>:

Նշենք, որ Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած երկիրները կը պնդեն, թէ Քաթար նեցուկ կը կանգնի ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ մեղմացուցած է Իրանի նկատմամաբ իր քաղաքականութիւնը։

 

comments