By Asbarez | Thursday, 08 June 2017
Քաթարի իշխանը՝ Թրամփին հետ, Մայիս 21ին
ՏՈՀԱ, <<Ճազիրա>> - Թուրքիոյ կառավարութեան առաջարկով, երկրին խորհրդարանը կրնայ արագացնել Քաթարի մէջ թրքական զօրք հաստատելու ծրագիրը, նկատի ունենալով Քաթարը մեկուսացնելու նպատակով արաբական շարք մը երկիրներու արշաւը։
Նշենք, որ անցեալ ամիս երկու երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած էին Տոհայի մէջ միացեալ ռազմակայան ստեղծելու եւ հոն հարիւրաւոր թուրք զինուորներ տեղակայելու գծով:
Քաթար կը հիւրընկալէ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան մեծագոյն զինուորական խարիսխը, ուր կը մնան 11,000 ամերիկացի զինուորներ, որոնք կը մասնակցին <<Իսլամական պետութեան>> դէմ շարք մը գործողութիւններու՝ այլ առաքելութեանց կողքին։
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, հակառակ քաթարեան ճգնաժամին՝ <<յանձնառու է բանակցութիւններ վարելու Ծոցի բոլոր երկիրներուն հետ>>:
Աւելի ուշ սակայն, Թրամփ գրած է <<Թուիթըր>>ի վրայ. <<Երբ Միջին Արեւելք կ՛այցելէի, շեշտեցի, թէ ծայրայեղականութեան նիւթական աջակցութեան դէմ պէտք է պայքարիլ. ինծի Քաթարը մատնանշեցին>>:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ իր ռազմական օդանաւերը կը շարունակեն Քաթարի խարիսխէն թռիչքներ կատարել, հակառակ Ծոցի երկիրներուն հետ Քաթարի յարաբերութիւններու խզումին: <<Ուաշինկթըն երախտապարտ է Քաթարին՝ շրջանային ապահովութեան հանդէպ յանձնառութեան ծիրին մէջ՝ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան իր ցուցաբերած երկարատեւ աջակցութեան համար>>, նշուած է հրամանատարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ