Իրանի խորհրդարանին եւ Խոմէյնիի դամբարանին վրայ յարձակումներ 12 զոհ կը խլեն

By Asbarez | Thursday, 08 June 2017

0608Iran

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Թեհրանի մէջ, Յունիս 7ին տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք, զոհերու թիւը հասաւ 12ի, մինչ ապահովական ուժերը կրցան սպաննել յարձակումը իրագործած վեց զինեալները։

Յարձակումներէն մէկուն թիրախը խորհրդարանի շէնքն էր, իսկ երկրորդը՝ այաթոլլա Խոմէյնիի դամբարանը:

Ահաբեկիչները, իբրեւ կին ծպտուած՝ կրցած են ներխուժել խորհրդարանի շէնքը։ Յարձակումէն ետք, խորհրդարանական նիստը շարունակուած է բնականոն կարգով։

<<Իսլամական պետութիւն>>ը ստանձնեց այս ահաբեկչական արարքներուն պատասխանատուութիւնը:

<<Ալիք>> օրաթերթը կապ հաստատած է Իրանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանի հետ, որ իր կարգին տեղեկացուցած է, թէ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ժորժիկ Աբրահամեանը եւ միւս պատգամաւորները կը գտնուին խորհրդարանի նիստերու սրահը, եւ անոնց կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնար:

Նաեւ, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կոչ ըրած է Իրան գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներուն, որ հեռու մնան իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններու տարածքներէն եւ մարդաշատ վայրերէ:

 


comments