Սուրիա ուղարկուած է Հայաստանի մարդասիրական նոր օժանդակութիւն

By Asbarez | Thursday, 08 June 2017

0608aidtosyria

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի նախագահին թելադրանքով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ 7 Յունիսին Սուրիա ուղարկուած է հակամարտութենէն տուժած բնակիչներու համար նախատեսուած մարդասիրական նոր օժանդակութիւնը: Անիկա կը ներառէ շուրջ 18 թոն առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ՝ մեծ մասամբ սննդամթերք:

Մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիա ուղարկուած է Ռուսիոյ ռազմաօդային ուժերու Իլ-76 ինքնաթիռով: Բեռներուն վրայ մակագրուած է. <<Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն՝ Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին>>:

Մարդասիրական օգնութիւնը ուղեկցելու եւ բաշխման գործընթացը կազմակերպելու նպատակով Սուրիա  մեկնած են Հայաստանի պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:

 



comments