By Asbarez | Thursday, 08 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին, իր նստավայրին մէջ քննարկած է հայ-չինական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ յատկապէս անոր տնտեսական բաղադրիչը:
Հայ-չինական երկկողմ ընթացիկ ծրագիրներու ու ձեռքբերումներու, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման թիրախային ուղղութիւններու վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեան:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Գէորգեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներ Արմէն Պապիկեան եւ Ռոպերթ Յարութիւնեան:
Անդրադառնալով հայ-չինական յարաբերութիւններուն եւ ընդգծելով, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Չինաստանի հետ խորունկ պատմական արմատներ ունեցող աւանդական ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները, նախագահը գոհունակութեամբ հաստատած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր՝ անցեալ 25 տարիներուն, հայ-չինական յարաբերութիւնները զարգացած են դրական եւ վերընթաց ուղիով:
<<Ակնյայտ է, որ Չինաստանի հետ մեր քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները շատ ենք կարեւորում. միայն հաշուի առնելով այն փաստը, որ Չինաստանի հետ մենք ունենք ծաւալներով երկրորդ առեւտրաշրջանառութիւնը՝ շատ բանի մասին է խօսում: Իհարկէ, պէտք է ակտիւօրէն աշխատել այս ուղղութեամբ: Ցուցանիշը, թէեւ մեր տնտեսութեան համար բաւականաչափ բարձր է, այնուհանդերձ, կարծում եմ, որ ներուժը շատ աւելի մեծ է>>, քննարկումի ընթացքին ըսած է նախագահը:
<<Մենք մշտապէս ունեցել ենք Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավարութեան աջակցութիւնը՝ տեխնիկական օժանդակութիւնը մեր երկրին, որը իհարկէ, շատ լաւ է, սակայն այսօր մեզ համար ոչ պակաս կարեւոր է եւ անհրաժեշտ տնտեսական, բիզնես յարաբերութիւնների խորացումը բարեկամ Չինաստանի հետ>>, նշած է նախագահը՝ աւելցնելով. <<Մեզ համար իհարկէ, շատ մեծ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի կողմից նախաձեռնած <<Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ>> ծրագիրը, եւ այս ծրագրի իրականացման գործում մենք անպայման պէտք է ակտիւ ներգրաւուածութիւն ունենանք մեր մասով: Չինական ընկերութիւններն արդէն իսկ մասնակցում են Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի կառուցմանը, բայց մենք պէտք է նաեւ անպայման դիտարկենք նրանց մասնակցութիւնը պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան տեսանկիւնից: Եւ ես չեմ բացառում, որ չինական ընկերութիւնների հետաքրքրութիւնը՝ սեփական միջոցներով կառուցելու ճանապարհի մէկ հատուածը, կարող է շատ իրատեսական լինել, եւ դա մեզ համար կը լինի այդ ներդրումների ներգրաւում>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ