Թրամփ-Սալման հեռաձայնային հղորդակցութիւն

By Asbarez | Friday, 09 June 2017

0609Trump-Saudi


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին հետ եւ պնդեց, որ ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու ու շրջանային կայունութեան ամրապնդման համար Ծոցի արաբական երկիրներու միասնութիւնը՝ վճռորո՛շ է:

Ըստ Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ երկու ղեկավարները քննարկած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն տրամադրուող աջակցութիւնները եւ շրջանային որեւէ երկրի կողմէ ծայրայեղականութեան աջակցութիւնը արգիլելու հիմնական քայլեր:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է քաթարցի իր պաշտօնակից Խալետ Աթիյէի հետ:

Ինչպէս ծանօթ է, Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ շարք մը երկիրներ խզեցին Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ այդ երկիրը մեղադրելով <<տարածաշրջանը ապակայունացնելու>> ամբաստանութեամբ։

Մինչ Քուէյթ միջնորդական առաքելութեան մը դիմած է, լուրեր կը շրջին այն մասին, թէ Սէուտական Արաբիա կը պատրաստուի յարձակելու Քաթարի վրայ, եւ թէ Քաթարի հետ իր սահմանի երկայնքին արդէն կը նկատուին սէուտական բանակի զօրաշարժեր։

Միւս կողմէ, կը նշուի, որ Քաթարի իշխանութիւնները բանակցութիւններ կը վարեն Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ, պարէնի ու ջուրի մատակարարումներուն դէմ Պարսից Ծոցի պետութիւններուն կողմէ սահմանուած արգելքին պատճառով։ Իրանեան կողմը յայտարարած է, որ պատրաստ է ամէն տեսակի պարէնամթերք արտածելու դէպի Քաթար։ Մատակարարումները պիտի կատարուին <<Քաթար Էրուէյզ>> օդային գիծերու բեռնատար օդանաւերուն միջոցաւ։

Նաեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է Քաթարի մէջ զինուորական միացեալ խարիսխին մէջ թրքական ուժեր հաստատելու որոշումը արագացնելու առաջարկը, սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ քանի՛ զինուոր պիտի ուղարկուի։

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր կարգին յայտարարեց, որ Անգարայի համար <<անընդունելի>> են Քաթարը <<ահաբեկչական երկիր>> որակելու փորձերը։ <<Բացարձակապէ՛ս ճիշդ չեմ նկատեր Քաթարի դէմ առնուած որոշումները։ Թուրքիա կարելին պիտի ընէ ճգնաժամը ամենակարճ ժամանակի մէջ լուծելու համար։ Տակաւին չենք կրցած հասկնալ, թէ որո՛նք են այս խաղին ետին>>, յայտարարեց ան։

Միւս կողմէ, <<Սի.Էն.Էն.>> կը գրէ, թէ <<Էֆ.Պի.Այ.>>էն հետաքննիչներ հասած են այն եզրակացութեան, որ երկու շաբաթ առաջ քաթարեան լրատու գործակալութիւնը ներթափանցելով՝ հոն Ծոցի մէջ ներկայ ճգնաժամին պատճառ դարձած յայտարարութիւնները զետեղողը Ռուսիա՛ն է: Ամերիկեան լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նպատակը Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն միջեւ պառակտում ստեղծելն է: Իսկ Քաթար կը պնդէ, որ երկրին պետական լրատու գործակալութեան կայքը ենթարկուած է ներթափանցման յարձակումի եւ այդտեղ զետեղուած են Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանիի վերագրուած յայտարարութիւններ, որոնք Քաթարի եւ Ծոցի շրջանէն դրացի երկիրներու միջեւ ճգնաժամ ստեղծեցին՝ հակառակ քաթարեան կողմէն կատարուած հերքումներուն: Թամիմ Թանի, այդ յայտարարութեան մէջ, Իրանի նկատմամբ աւելի գործնապաշտ մօտեցում որդեգրելու կոչ կ՛ընէ։

Ռուսիա, անշուշտ, իր կարգին հերքեց <<Սի.Էն.Էն.ի>> հրապարակած վերոնշեալ ամբաստանութիւնը:

 

comments