By Asbarez | Friday, 09 June 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Պի.Պի. Սի.>> - Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ պաշտօնազրկուած՝ Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի (<<Էֆ.Պի. Այ.>>) նախորդ տնօրէն Ճէյմզ Քոմի, Յունիս 8ին սկսաւ վկայութիւններ տալու Ծերակոյտի Հետախուզութեան յանձնախումբին առջեւ, կատարելով Թրամփը վարկաբեկող շարք մը յայտարարութիւններ։
Քոմի <<յստակ սուտեր>> որակեց զինք պաշտօնազրկելու համար Թրամփի եւ անոր պաշտօնակատարներուն տուած պատճառաբանութիւնները՝ յիշեցնելով, որ Թրամփ իրեն անձամբ վստահեցուցած էր, թէ ինք <<հոյակապ աշխատանք>> կը տանի։
Քոմի հաստատեց, թէ զինք պաշտօնազրկելու որոշումը հետեւանք էր նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեանց շուրջ սկսած հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ՝ զանոնք կասեցելու համար Թրամփի ջանքերուն ընդդիմանալու իր որոշումին։
Ան ըսաւ, որ Թրամփ այն ակնկալութիւնը ունեցած է, թէ զինք պաշտօնի վրայ պահելու որոշումին դիմաց՝ Քոմի պէտք է <<բա՛ն մը տայ>>. ան պատմեց, որ Յունուար 27ին, Սպիտակ տակ մէջ կայացած առանձնազրոյցի մը ընթացքին, Թրամփ պահանջած է իր <<հաւատարմութիւնը>>։
Քոմի տարօրինակ գտած է այս պահանջէն անմիջապէս առաջ՝ բոլո՛ր ներկաները սենեակէն դուրս հրաւիրելու Թրամփի քայլը, եւ այդ պատճառով է, որ առանձնազրոյցէն անմիջապէս ետք, ինք գրի առած է խօսակցութիւնը, <<որովհետեւ անկեղծօրէն մտահոգ էի, որ ան սո՛ւտ պիտի խօսէր այդ հանդիպումին մասին>>։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ հարցով հետաքննութիւնը կասեցնելու շուրջ Թրամփի փորձը կարելի՞ է <<արդարութիւնը խոչընդոտել>>ու համազօր արարք մը նկատել, Քոմի ըսաւ, որ այդ որոշումը պէտք է տրուի հարցը հետապնդող յատուկ դատախազին կողմէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ