By Asbarez | Tuesday, 13 June 2017
ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՁԱԽՈՂ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Կիրակի, Յունիս 11ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններու զոյգ շրջաններէն առաջինը: Այս ընտրութիւններով պիտի պարզուի, թէ որո՞նք պիտի ըլլան տէրերը Ֆրասայի Ազգային ժողովի 577 աթոռներուն, որոնց համար 7882 թեկնածութիւններ առաջադրուած էին:
Կիրակի գիշեր, ըստ նախնական արդիւնքներուն՝ յստակ դարձաւ, որ նախագահ Մաքրոնի հիմնած LREM կուսակցութիւնը (La Republique en Marche – Յառաջ Ընթացող Հանրապետութիւնը) ջախջախիչ յաղթանակ տարած է՝ շահելով ձայներուն 32.3 տոկոսը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան կրնայ յաւակնիլ 390-445 աթոռի: Բնականաբար, նախքան յառաջիկայ շաբթուան Բ. շրջանի ընտրութեանց արդիւնքները, անկարելի պիտի ըլլայ աթոռներու յստակ թիւերու ճշդումը, քանի որ միայն չորս թեկնածուներ յաջողած են Ա. շրջանէն արդէն իսկ վերջնական ընտրուիլ, ինչին համար անոնք լրացուցած են անհրաժեշտ երկու պայմաններ. առաջին՝ ստանալ ձայներու առնուազն 50 տոկոսը, որ ինքնին դժուար խնդիր է, իսկ երկրորդ՝ ձեռք ձգուած տոկոսը պէտք է առնուազն հաւասար ըլլայ տուեալ ընտրատարածքին մէջ արձանագրուած քուէարկողներու թիւին 25 տոկոսին, ինչ որ շա՛տ աւելիով բարդ պահանջ է: Եթէ նկատի ունենանք, որ այս ընտրութեանց ձեռնպահութեան տոկոսը կը գնահատուի մրցանշային՝ 51 տոկոսի չափով, ապա 2րդ պայմանը գրեթէ անիրագործելի կը դառնայ:
Վերադառնալով արդիւնքներուն, մինչ LREM ցնծութեամբ կը դիմաւորէ զանոնք, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն պատկառելի թիւով ձայներ ստացած Մարին լը Փենի Ազգային ճակատ կուսակցութիւնը եւ Ժան-Լիւք Մելանշոնի «Չենթարկուող Ֆրանսա»ն (La France Insoumise) յուսախաբ են, իսկ աւանդական երկու մեծերէն՝ Հանրապետական եւ Ընկերվարական կուսակցութիւններուն պարտութիւնը անհերքելի՛ է եւ ողբերգական: Արդարեւ, ընկերվարականներու ձախողութեան ամէնէն խորհրդանշական երեւոյթը՝ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ժան-Քրիսթոֆ Քամպատելիսի (Փարիզի 16րդ ընտրաշրջան), նախագահական ընտրութեանց այս կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածու Պընուա Համոնի (Իվլինի 11րդ ընտրաշրջան) եւ նոյն կուսակցութեան ծանօթ քանի մը այլ անուններու, ինչպէս՝ Փաթրիք Մենուչիի (Պուշ-տիւ-Ռոն) դուրս մնալն է:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընտրութեանց Ա. փուլի նախնական արդիւնքները.
– «Յառաջ Ընթացող Հանրապետութիւնը» (LREM)՝ 32.3 տոկոս
– Հանրապետականներ (LR) / UDI / Զանազան աջ՝ 21.6 տոկոս
– «Ազգային ճակատ»՝ 13.2 տոկոս
– «Չենթարկուող Ֆրանսա»՝ 11 տոկոս
– Ընկերվարական / Ձախակողմեան արմատականներ / Զանազան ձախ՝ 9.5 տոկոս
– Բնապահներ՝ 4.3 տոկոս
– Այլ՝ 3.4 տոկոս
– Համայնավար կուսակցութիւն՝ 2.7 տոկոս
– «Ոտքի՛ Ֆրանսա»՝ 1.2 տոկոս
– Ծայրայեղ ձախ՝ 0.8 տոկոս։
ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ
– Բ. շրջան անցածներ
Հօ-տը-Սենի 7րդ ընտրատարածքին մէջ, LREM-ի հայ թեկնածու Ժագ Մարիլոսեան, ձայներու պատկառելի 48.48 տոկոսով անցած է Բ. շրջան, որուն ընթացքին պիտի մրցի հանրապետական թեկնածու Էրիք Պերտօաթիի (27.91 տոկոս) հետ:
Ռոնի 13րդ ընտրատարածքին մէջ, LREM-ի թեկնածու Տանիէլ Ղազարեան առաջին դիրքը գրաւած է՝ ձայներու 33.99 տոկոսով: Ան Բ. շրջանին պիտի մրցի հանրապետական թեկնածու Ֆիլիփ Մէօնիէի հետ, որ ստացած է ձայներու 20.81 տոկոսը:
Պուշ-տիւ-Ռոնի առաջին ընտրատարածքին մէջ, Փասքալ Շամասեան (LREM) լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգած է՝ ստանալով ձայներու 29.43 տոկոսը: Իրեն կը յաջորդէ հանրապետականներու թեկնածու, հայերուն ծանօթ անուն Վալերի Պուայէն՝ 24.68 տոկոսով: Երկուքը դէմ յանդիման պիտի գան Բ. շրջանին:
Շերի նահանգի 2րդ ընտրատարածքին մէջ, MoDem-ի թեկնածու Նատիա Եսայեան եւս, մեծագոյն թիւով ձայները ձեռք ձգելով՝ 33.6 տոկոս, անցած է Բ. շրջան: 24.40 տոկոսով երկրորդ դիրքի վրայ եղած է համայնավար Նիքոլա Սանսիւը, որուն դէմ Եսայեան պայքար պիտի մղէ Բ. շրջանին:
– Դուրս մնացածներ
Հօ-տը-Սենի 2րդ ընտրատարածքին մէջ, «Ոտքի՛ Ֆրանսա»ի հայ թեկնածու Ֆապրիս Կարոյեան (1.11 տոկոս):
Լուար նահանգի 3րդ ընտրատարածքին մէջ, ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆիլիփ Գիզիրեան (7.20 տոկոս): Այս նոյն ընտրատարածքին մէջ պայքար կը մղէր նաեւ հայերու բարեկամ՝ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի համանախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան, որ յաջողած է անցնիլ երկրորդ փուլ՝ ապահովելով ձայներու 22.11 տոկոսը: Յառաջիկային, ան պիտի մրցի LREM-ի թեկնածու Վալերիա Ֆոր-Մունթիանի հետ (33.19 տոկոս):
Ռոնի առաջին ընտրատարածքին մէջ, Զանազան ձախի թեկնածու Արթիւր Թոքաթլեան (0.24 տոկոս):
Ռոնի 4րդ ընտրատարածքին մէջ, Ծայրայեղ ձախերու թեկնածու Ժան-Նոէլ Տիւտիւքճեան (0.50 տոկոս): Ռոնի 7րդ ընտրատարածքին մէջ, համայնավար Փօլ Պօղոսեան (2.58 տոկոս):
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ