By Asbarez | Tuesday, 13 June 2017
Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազաֆիի կրտսեր որդին՝ Սէյֆուլիսլամ Քազաֆի, ներումի արժանանալով՝ ազատ արձակուած է բանտէն: <<Պի.Պի.Սի.>>ն կը գրէ, որ այդ քայլը Լիպիոյ մէջ յաւելեալ անկայունութեան պատճառ կրնայ դառնալ:
Իր հօր նախասիրած ժառանգորդը նկատուող Սէյֆուլիսլամ, անցած վեց տարուան ընթացքին Զինթան քաղաքին մէջ բանտարկուած էր: <<Ապու Պաքրելսըտտիք>> ջոկատը յայտնեց, որ ան Ուրբաթ օր ազատ արձակուած է, սակայն տակաւին հրապարակաւ չէ յայտնուած, իսկ այլ աղբիւր մը <<Պի.Պի.Սի.>>ին յայտնած է, թէ ան ներկայիս կը գտնուի արեւելեան Լիպիոյ Թոպրուք շրջանը: Սէյֆուլիսլամի փաստաբանը յայտնեց, որ ապահովական նկատառումներէ մեկնած՝ պիտի չյայտնէ անոր գտնուած վայրը:
<<Ապու Պաքրելսըտտիք>> ջոկատը նաեւ տեղեկացուց, որ ան գործած է յանուն առժամեայ կառավարութեան: Արեւելեան Լիպիոյ մէջ գտնուող այդ առժամեայ կառավարութիւնը արդէն իսկ ներում շնորհած էր Քազաֆիի որդիին: Սակայն ՄԱԿի զօրակցութիւնը վայելող Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտ-նուող՝ Լիպիոյ արեւմտեան շրջանի մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ, Սէյֆուլիսլամի դէմ մահապատիժի վճիռ արձակուած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ