Ռուսիան Ատրպէյճանին փոխանցած է վեց հրետանային համակարգեր

By Asbarez | Wednesday, 14 June 2017

0614azeriarms

ԵՐԵՒԱՆ - Ռուսիան ՄԱԿին ներկայացուցած է 2016ի ընթացքին սովորական սպառազինութիւններու մատակարարումներու վերաբերեալ իր զեկոյցը:

<<Խոշոր տրամաչափի հրետանային համակարգեր>> բաժինին մէջ նշուած է Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին վեց համակարգի փոխանցման մասին (հաւանաբար՝ ՏՕՍ-1ա <<Սոլնցեպէօկ>> ծանր հրանետային համակարգերու չորրորդ խմբաքանակը):

Ռուսիոյ ներկայացուցած զեկոյցին մէջ կը բացակային մամուլին մէջ հրապարակուած՝ Հայաստանին հրետանային սարքերու մատակարարումները (300մմ. ԲՄ-30 <<Սմեր>>չ եւ ՏՕՍ-1ա <<Սոլնցեպէօկ>>):

Մատակարարուած սպառազինութիւններու եւ ռազմական սարքերու աւանդական տեսակները զեկոյցին մէջ նշուած չեն:

2016ի զեկոյցին մէջ, չհաշուարկուած սարքերու քանակը առաւել մեծցած է նախորդ տարիներու զեկոյցներուն համեմատ: Մատակարարուած սպառազինութիւններու եւ ռազմական սարքերու աւանդական տեսակներու մասին ՄԱԿին զեկուցելը կամաւոր է, այդ պատճառով շատ մը երկիրներ ամբողջական տեղեկութիւններ տալէ կը խուսափին:

 

comments