Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

By Asbarez | Wednesday, 14 June 2017

0614estonia

ԵՐԵՒԱՆ - Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Սուէն Միքսըր, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեանի ուղեկցութեամբ՝ Յունիս 13ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

<<Արմէնփրէս>>ը կը հաղորդէ, որ Միքսըր ծաղկեպսակ դրաւ յուշահամալիրին, նաեւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ՝ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը:

 

comments