Հայաստանի մէջ երեխաները աւելի լաւ մանկութիւն ունին, քան՝ Եւրոպայի. Հենրիկ Մխիթարեան

By Asbarez | Thursday, 15 June 2017

0615henrik

Մանկութիւնը Հայաստանի մէջ աւելի լաւ կ՛անցնի, քան Եւրոպայի երկիրներու մէջ: Այս մասին <<ֆէյսպուք>> վրայ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի եւ անգլիական <<Մանչեսթըր Եունայթըտ>>ի կիսապաշտպան, ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպան Հենրիկ Մխիթարեան, կը հաղորդէ <<ՓանԱրմինիըն>>ը:

Հայաստանի մէջ երեխաներու մանկութիւնը գնահատելու խնդրանքին Մխիթարեան պատասխանած է, որ թէեւ իր մանկութիւնը Ֆրանսայի մէջ անցած է, իր համոզումով, հայաստանցի երեխաները աւելի լաւ մանկութիւն կ՛ունենան, որ իր առաւելութիւնները ունի:

<<Հայաստանի երեխաները աւելի լաւ մանկութիւն ունին, քան անոնց եւրոպացի հասակակիցները. անոնք այնտեղ ուրիշ հետաքրքրութիւններ ունին: Հայաստան ապրող ամէն հայ երեխայ պէտք է ուրախ ըլլայ>>, ըսած է Մխիթարեան:

Հենրիկ Մխիթարեան Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպան դարձած է 2016ին: <<Ծանր է արձանագրել, որ ոչ բոլոր երեխաները դպրոց կը յաճախեն եւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունին: Բոլոր երեխաները պէտք է իրաւունք ունենան որպէս անձ կայանալու: Ես պատրաստ եմ իմ բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործելու՝ օգնելով ԵՈՒՆԻՍԵՖԻՆին, աջակցելով Հայաստանի մէջ ամենախոցելի խումբերուն, յատկապէս, նպաստելով երեխաներու կրթութեան իրաւունքի կայացման>>, ըսած է Մխիթարեան: ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպանները ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛օգնեն երեխաներուն ու կանանց՝ պաշտպանելու իրենց իրաւունքները եւ  բարելաւելու իրենց կեանքի որակը:

Ըստ անոր՝ շատ աւելի կարեւոր է լաւ մարդ դառնալը, քան լաւ մասնագէտ: Մխիթարեան կը յայտնէ, որ ան միաժամանակ ե՛ւ մեղմ հայր պիտի ըլլայ եւ խի՛ստ: <<Պէտք է կարենալ համադրել մեղմութիւնն ու խստութիւնը երեխաներու դաստիարակութեան մէջ, քանի որ լաւ դաստիարակութիւնը կ՛ապահովէ երեխայի փայլուն ապագան: Եթէ ճիշդ դաստիարակենք երեխան, ան միշտ զարգանալու խթան կ՛ունենայ>>, ըսած է ան:

Մխիթարեան ըսած է նաեւ, որ շատ լաւ կարծիք ունի Հայաստանի մէջ աճող նոր սերնուդին մասին: <<Ոչ միայն այն երեխաները, որոնց ես հանդիպած եմ այսօր, այլ նաեւ անոնք, որոնց ես կը հանդիպիմ առօրեայիս մէջ, կ՛ապացուցեն, որ լաւ սերունդ կը մեծնայ>>, ըսած է հայ ֆութպոլիստը:

Խօսելով կարիքաւոր ընտանիքներու եւ խնդիրներու մասին՝ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԵՈՒՆԻՍԵՖին հայ ընտանիքներուն աջակցելուն համար:

<<ԵՈՒՆԻՍԵՖը կը փորձէ օգնել, առողջութիւն պարգեւել երեխաներուն եւ բարելաւել անոնց կեանքը>>, ըսած է Մխիթարեան:

<<Հայաստանը շատ տաղանդներ կու տայ: Մենք պէտք է բոլոր պայմանները ստեղծենք, որ անոնց տաղանդը այստեղ բացայայտուի>>, յայտնած է Մխիթարեան: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ հիմա ամէն ինչ կայ, սակայն ընելիքներն ալ շատ են: <<Եթէ մենք աշխատինք եղած խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, Հայաստան կը դառնայ այն երկիրը, ինչպիսին մարդիկ կը ցանկան տեսնել>>, եզրափակած է Հենրիխը:

 



comments