By Asbarez | Thursday, 15 June 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Նիուզ>> - <<Արցախի հարցով փոխզիջումը պէտք չէ վնասէ այնտեղ բնակող մարդոց>>, Յունիս 15ին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Մարիա Զախարովա:
<<Կը կարծեմ՝ երկու կողմերն ալ (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներն ու պետական գործիչները) այդ հարցի լուծման շուրջ իրենց հայեացքները ունին: Այս իսկապէ՛ս հին խնդիրին լուծման համար գոյութիւն ունի հաստատուած ձեւաչափ , որ փոխզիջում կ՛ենթադրէ: Փոխզիջում փնտռելը կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցումն է՝ անկախ անկէ, թէ որքան հակասական կրնան ըլլալ անոնք: Անլուծելի թուացող հարցերու հանգուցալուծումը գտնելը դիւանագիտական աշխատանքի միջազգային փորձ է: Մենք համաձայն ենք ձեզի հետ այն հարցով, որ իրավիճակը լուծում ու յառաջխաղացում կը պահանջէ: Նոյն այդ պատճառով, յատկապէս վերջին ժամանակներուն, շփումները աւելի յաճախակի դարձած են: Անոնք տեղի կ՛ունենան տարբեր ձեւաչափերով: Ռուսիա իր կողմէն, իբրեւ համապատասխան ձեւաչափի մասնակից, ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի փոխզիջումը գտնուի: Ցանկալի է, որ անիկա գտնուի, եւ որքա՛ն շուտ, այնքա՛ն լաւ. սակայն առանց վնասելու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ի հարկէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն>>, նշած է Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով բանակցային գործընթացի յառաջխաղացման անհրաժեշտութեան մասին հարցումին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ