By Asbarez | Thursday, 15 June 2017
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Նիուզ>> - Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ ազատ արձակելու Մայիս 29ին Վրաստանի մէջ առեւանգուած եւ Ատրպէյճան տեղափոխուած Աֆղան Մուխթարլին եւ չեղեալ յայտարարելու անոր նկատմամբ բոլոր մեղադրանքները:
Նոյն բանաձեւով Եւրոպական Խորհրդարանը կը պահանջէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն դադրեցնել լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու քրէական հետապնդումները ու բանտարկութիւնները, անյապաղ ազատ արձակել բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ ապահովել արդարացի դատավարութեան չափանիշներու պահպանումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ