By Asbarez | Saturday, 17 June 2017

Լեռնային Ղարաբաղը ոչ մէկ ձեւով հնարաւոր է վերադարձնել Ատրպէյճանին: Ըստ <<Երկիր>>ի՝ այս մասին գրուած է haqqinaz.com կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ:
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ լիարժէք պետութիւն դարձած է, նոյնիսկ՝ պարբերաբար նախագահական ընտրութիւններ կ՛իրականացնէ: Իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու այն յայտարարութիւնները, թէ Ղարաբաղը պիտի վերադարձուի ուժով, առողջ մտածելակերպով մարդոց դառն ծիծաղ կը յառաջացնէ:
<<Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ Ատրպէյճան ռազմական, տնտեսական առումով առաւել հզօր է բնական հարստութիւններ չունեցող Հայաստանէն: Սակայն, պատմութեան մէջ չկան օրինակներ, երբ թոյլ, քիչ քանակութեամբ մարդկային ներուժ ունեցող երկիրը կը գրաւէ իրմէ հզօր հարեւանի տարածքին մէկ չորրորդ մասը: Նման օրինակներ չկան եւ չեն կրնար ըլլալ: Եթէ կայ ուժ, ռազմական հզօրութիւն, ապա ի՞նչն է այս տարիներուն ընթացքին խանգարած, որ գոնէ ազատուին Լեռնային Ղարաբաղին կից տարածքները>>, կը գրէ յօդուածագիրը:
Ան հարց կու տայ, թէ ի՞նչ բանի համար կը զոհուին ատրպէյճանցի զինուորները: <<Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ մեծ պատերազմի, ոչ մէկ պատերազմի: Պատերազմի պարագային՝ բանակը, որ իր կազմով ժողովրդական է, կրնայ ոգիով ալ ժողովրդական դառնալ, իսկ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ամէնէն շատ կը վախնայ ժողովուրդի համախմբումէն, ժողովրդական շարժումէն>>, կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Ալիեւ միայն ցոյց կու տայ, թէ մտադիր է լուծել Ղարաբաղեան խնդիրը, վերադարձնել տարածքները, իսկ սահմանին վրայ հրաձգութիւնը, մարտական գործողութիւնները միայն այն բանին համար են, որ ցոյց տան ժողովուրդին, թէ Ալիեւ զբաղած է այդ հարցով եւ շուտով զայն պիտի լուծէ:
Յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ, որ Ալիեւ աւագը գիտակցած է, որ Ղարաբաղը երբեք չի վերադարձուիր, երբ ստորագրած է հրադադարի մասին փաստաթուղթը: <<Լեռնային Ղարաբաղը այլեւս հնարաւոր չէ վերադարձնել: Ատրպէյճանին պէտք է վերադարձնել հայերու կողմէ <<անվտանգութեան գօտի>> յայտարարուած շրջանները եւ շարունակել յառաջ շարժիլ: Տարածքային կորուստներ ունեցած են տարբեր պետութիւններ, նոյնիսկ՝ ուժեղ եւրոպական: Տարածքի կորուստը պատմութեան վերջը չէ: Իսկ հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային՝ ատիկա նոյնիսկ ողբերգութիւն չէ, այլ ծանր հիւանդութեան աւարտ>>, կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ