By Asbarez | Saturday, 17 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Հայաստան ժամանած <<Գազպրոմ>> ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլեր Ուրբաթ, 16 Յունիսին այցելեցին Երեւանի Աւան վարչական շրջանի Ծարաւ Աղբիւր փողոցին վրայ կառուցուող ուսումնամարզական համալիրի շինարարական հրապարակը:
Վարաչպետը եւ <<Գազպրոմ>>ի նախագահը ծանօթացան շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
Համալիրը կը կառուցուի ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցներով: Համալիրէն ներս պիտի գործեն մանկապարտէզ, դպրոց, լողաւազան, սահադաշտ, ֆութպոլի դաշտ, ինչպէս նաեւ մարզասրահներ եւ պարասրահ:
Ուսումնամարզական համալիրը կրնայ ընդունիլ օրական շուրջ 2000 մարդ: Արդէն իսկ կատարուած են փակ սահադաշտի, մարզաառողջարարական համալիրի, դպրոցի եւ մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները:
Նախագիծի շինարարութիւնը ամբողջութեամբ կ՛իրականացուի <<Գազպրոմ>> ընկերութեան կողմէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ