By Asbarez | Saturday, 17 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմինֆօ>> - Յուլիս 19էն 24ի միջեւ, Ատրպէյճանի բանակը <<մարտական իրավիճակի մօտիկ պայմաններու>> տակ՝ զօրավարժութիւններ իրականացնել կը ծրագրէ, ստուգելու համար իր զօրքերուն պատրաստուած: Զօրավարժութեանց պիտի մասնակցին շուրջ 23 հազար զինուորներ:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ զօրավարժութեանց ընթացքին պիտի օգտագործուին շուրջ 120 միաւոր հրասայլ, շուրջ 180 միաւոր հրետանային եւ հրթիռային համակարգ, ականանետ, շուրջ 30 միաւոր ռազմական ինքնաթիռ, ռատիօ-ելեկտրոնային հետախուզութեան համակարգեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Նշենք, որ Ատրպէյճանական բանակը այս պահուն զօրավարժութիւններ կը կատարէ Նախիջեւանի մէջ: Արդարեւ, Յունիս 12էն ի վեր, Նախիջեւանի մէջ ատրպէյճանական առանձին համազօրային բանակի գրեթէ 5000 զինծառայող ընդգրկուած է այդ զօրավարժութեան մէջ, որուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Զինուած ուժերու մէկ դասակը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ