Եւրոդատարանը Պաքուէն յստակացումներ կը պահանջէ Մուխթարլիի Առեւանգման գծով

By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017

0621mukhtarli

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը յստակ պատասխաններ պահանջած է Ատրպէյճանի կառավարութենէն՝ Թիֆլիսի մէջ առեւանգուած այլախոհ լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի հարցին մասին, կը տեղեկացնէ Գերմանիոյ մէջ գործող ատրպէյճանական ընդդիմադիր <<Մէյտան>> պատկերսփիւռի կայանի կայքը։

Մուխթարլիի շահերը ներկայացնող փաստաբան Արշիլ Չօփիքաշվիլի յայտնած է, որ դատարանին քայլերը կրնան էականօրէն ազդել Մուխթարլիի ճակատագիրին վրայ՝ աւելցնելով, որ բանտին մէջ Մուխթարլիի կեանքը վտան-գուած է:

Ան յոյս յայտնած է, որ դատարանը կը պարտադրէ Պաքուի իշխանութիւններուն՝ ազատ արձակել ընդդիմադիր լրագրողը:

Յիշեցնենք, որ Մուխթարլի Մայիս 29ին անհետացած էր Թիֆլիսէն, ապա յաջորդ օրը յայտնուած էր Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ:

 

comments