Ամերիկեան ուժերը Իրանեան անօդաչու թռչող սարք մը կը զգետնեն Սուրիոյ մէջ

By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017

ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, ԹԵՀՐԱՆ, <<Սի.Էն. Էն.>>, <<Ֆարս>> - Սուրիական օդուժին պատկանող ռազմական օդանաւի մը զգետնումէն մէկ օր ետք, ամերիկեան ուժերը Յունիս 19ին Սուրիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ զգետնեցին իրանեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ, ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, հրթիռներով զինուած էր եւ շատ մօտեցած էր ամերիկեան ուժերու մէկ դիրքին։

Միւս կողմէ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ուժերը Յունիս 18ի գիշերը հրթիռներ արձակեցին Տէր Զօրի մէջ ահաբեկիչներուն կեդրոնատեղիին դէմ՝ պատժելու համար Թեհրանի մէջ վերջերս կատարուած ահաբեկչական երկու յարձակումներու հեղինակները, կը հաղորդէ պահակագունդի մամուլի ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յեղափոխական պահակագունդը ցամաքէ ցամաք հեռահար վեց հրթիռ արձակած է Տէր Զօրի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> կեդրոնատեղիներուն վրայ՝ նշելով, որ ըստ տեղեկութեանց, զինեալները ունեցած են բազմաթիւ զոհեր եւ անոնց սպառազինութիւնները ոչնչացուած են: Հրթիռները արձակուած են Իրանի արեւմտեան Քիւրտիստան եւ Քարմանշահ շրջաններէն:

<<Գիշերը ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ արձակուած մեր հրթիռները պարզապէս նուրբ զգուշացում էին>>, ըսաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահի օգնական Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիան։

 

comments